Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ երէկ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծի շփման որոշ հատուածներուն վրայ ազրպէյճանական զինուժը շարունակած է իրականացնել սադրիչ գործողութիւններ:

11 նոյեմբերին, ժամը 12:15-էն սկսեալ, հակառակորդը 60 եւ 82 միլիմեթրնոց ականանետերէ ռմբակոծած է առաջնագիծի հիւսիսարեւելեան (Թալիշ եւ Եարըմճա)  ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերը: Յատկապէս բուռն ռմբակոծութեան ենթարկուած են Եարըմճա գիւղին ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերը:

Հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնը ճնշելու համար Պաշտպանութեան բանակի  յառաջապահ զօրամասերը ձեռնարկած են պատասխան գործողութիւններու:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ սահմանային լարուածութեան աճի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ ազրպէյճանական կողմին վրայ:

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ հակառակորդին կողմէ առաջնագիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերու ռմբակոծումը որեւէ բանով պայմանաւորուած չէ եւ ատիկա Ազրպէյճանի պետութեան էութիւնն է:

Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ որքան Ազրպէյճանի ընկերային-տնտեսական վիճակը կը բարդանայ, այնքան այդ երկիրը ապակառուցողական դիրք կ՛ընդունի, կրկին կը շահարկուի  արտաքին թշնամիի կերպարը, որպէսզի բնակչութիւնը շեղէ առկայ խնդիրներէն, ինչ որ նաեւ կանխատեսելի է:

«Ամէն ինչ կը կատարուի մեր բանակին մարտունակութիւնը բարձր պահելու համար, ինչ որ  ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն գործուն մեքանիզմն է, որպէսզի շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը պահպանուի: Ուրիշ տարբերակ չկայ», ըսած է ան եւ վստահեցուցած, որ միշտ ալ համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկուին Արցախի անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

«Սակայն խօսիլ այն մասին, որ կայ նախապատերազմական վիճակ, ատիկա վստահաբար այդպէս չէ, բայց այն, որ հաւանականութիւնը քիչ է, ատիկա չի նշանակեր, որ մեր զգօնութիւնն ալ պէտք է քիչ ըլլայ, կամ նուազի, կամ ալ նման երեւոյթներու վրայ պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնենք: Իրավիճակը կը վերահսկուի, որեւէ արտառոց բան չկայ», ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի համանախագահողներու արձագանգին, ապա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը մէջբերեց երկու օր առաջ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կատարած յայտարարութիւնը, ըստ որուն, բանակցային ճամբով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ: «Այդ յայտարարութիւնը կատարուած է այս ռազմափորձերուն նախօրէին, ինչ որ յստակ պատգամ է, որ Ազրպէյճանը յանկարծ չմտածէ իրավիճակը ապակայունացնելու մասին», աւելցուցած է ան: